2015-04-22 09:07:00

Ապրիլեան հսկում`. Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի յուշակոթողին շուրջ


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հովանաւորութեամբ եւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարիլիցին նուիրուած Ապրիլեան հսկում մը տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշակոթողին շուրջ, Ժեհթաուի, երեքշաբթի, 22 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ներկայութեամբ պետական երեսփոխաններու ու մարմիններու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Արամ Գարատաղլեան եւ Ռուբինա Թովմասեան: Անոնք ըսին, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին կը յիշենք հայ ժողովուրդի կրած արհաւիրքը եւ մանաւանդ 100 տարուան լռութիւնը, որ առիթ դարձաւ այլ ցեղասպանութիւններու իրագործման: Անոնք հաստատեցին, որ Լիբանանի մէջ անցեալի գաղթական հայը, որ հազիւ կրնար իր ցաւը ամոքել, այսօր արդէն դարձած է հաստատ ու ինքնավստահ Լիբանանի քաղաքացի, որուն համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Լիբանանի կառավարութեան ու խորհրդարանին` Հայոց  ցեղասպանութեան ճանաչման գծով եւ անցեալին տարագիր հայութիւնը ընդունելու համար:  Անոնք միաժամանակ կոչ ուղղեցին կառավարութեան, որ ապրիլ 24-ը հռչակէ սուգի օր պետութեան տարածքին:

Անոնք ըսին, որ պահանջատիրութիւնը ոչ միայն արդարութեան եւ իրաւունքի, այլեւ աշխարհի տարածքին խաղաղութեան հաստատման եւ բոլոր ցեղասպանութիւններուն դէմ պայքարի համար է:

Խօսք առաւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Միշել ֆարաոն: Ան ըսաւ, որ ներկայ ենք այստեղ ոչ  թէ անցեալին պատահած դէպք մը նշելու, այլ  տակաւին ապրող ու կենդանի պատմական իրադարձութիւն մը ոգեկոչելու,  որովհետեւ անիկա տակաւին դատապարտուած չէ:

Ան յայտնեց, որ մարդկութիւնը պարտաւոր է դատապարտել բռնութիւնները, որպէսզի մարդ խաղաղ ապրի: Իսկ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնն է ընդունիլ ցեղասպանութիւնը, որպէսզի այդ ձեւով խաղաղութեան եւ համաձայնութեան նոր էջ բացուի երկու ժողովուրդներուն միջեւ:

ֆարաոն անդրադարձաւ սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին եւ Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ Եւրոպական խորհրդարանի մօտեցումին, ապա` Մեծ եղեռնէն առաջ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերակատարութեան` Լիբանան հայրենիքի կերտման գործին մէջ:

Ան ըսաւ, որ հայերը իրենց կուսակցութիւններով ու եկեղեցիներով անբաժան մէկ մասնիկն են Լիբանանի հասարակութեան, անոնք ունին իրենց դերակատարութիւնը երկրի բարգաւաճման աշխատանքին մէջ պահելով` Հայ դատի պահանջատիրութիւնը, միաժամանակ տէր ու պաշտպան ըլլալով Լիբանանին:

Ան եզրափակեց իր խօսքը նշելով, որ արդարութիւնը կ՛ապրի, երբ անոր ետին կանգնած է պահանջատէրը: «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման առիթով` իբրեւ պետութիւն եւ խորհրդարան, կը զօրակցինք հայ ժողովուրդին` մաղթելով Հայ դատի յաղթական աւարտ», յայտնեց Ֆարաոն:

Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը նորագոյն պատմութեան ամէնէն վայրագ ոճրագործութիւնն էր հայ ժողովուրդին նկատմամբ` օսմանեան թուրքերուն կողմէ գործադրուած, ապա անդրադարձաւ, որ նոյն ոճրագործը նաեւ սովի մատնելով սպաննած է Լեռնալիբանանի բնակչութեան մեծ տոկոսը: Նախարարը հաստատեց, որ պատմական այս իրադարձութիւնները վիճելի չեն ու քննարկման առարկայ չեն կրնար ըլլալ, ապա աւելցուց, որ անցեալի ողբերգութիւնները այսօր ալ կը շարունակուին շրջակայ պետութիւններուն մէջ, ինչպէս` Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլուր:

Ան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ցաւոտ յիշատակը 100 տարիէ ի վեր վառ պահելը դարձաւ Հայ դատի առանցքը, որ կը նպատակադրէ ճանչնալ իրականութիւնը Եւ պահանջել օրինական իրաւունքները:

Նախարարը եզրափակեց խօսքը ըսելով, որ կը բաժնեկցինք հայ ժողովուրդին ցաւը, միաժամանակ կը կանգնինք հայութեան կողքին, կը միանանք անոր` յանուն Հայ դատի արդար լուծման ու Լիբանանի հզօրացման:

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան Գառնիկ Փանոսեան` երգով ու նուագով, Սագօ եւ Մարինէ Հալլաճեաններ` նուագով, ապա ելոյթ ունեցաւ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի` ներկայացնելով փունջ մը երգեր:

Ուշագրաւ էր Փասքալ Սաքրի մասնակցութիւնը ձեռնարկին` Շարլ Ազնաւուրի «Իլ սոն Թոմպէ» երգով:

Նշենք, որ հսկումին ընթացքին ցուցադրուեցան երկու տեսերիզներ. մէկը` Միշել Մաայքիի «Եթէ Արարատը խօսի», իսկ միւսը` ՀԿՀՄ-ի պատրաստած «Հայ կաթողիկէ համայնքը սփիւռքի պատմութեան մէջ» խորագիրով:

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը իր գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը յայտնեց հայ երիտասարդութեան` հայ ազգին ու եկեղեցւոյ նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութեան համար: Ապա ըսաւ, որ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած գազանաբարոյ փորձը ոչ միայն ձախողած է, այլ 100 տարի ետք արդէն հասած է պահանջատէր սերունդ մը, որ Հայաստանի պետութեան աջակցութեամբ ու ամբարած գիտելիքներով ոչ միայն կը յիշէ, այլ նաեւ աշխարհին կը յիշեցնէ հայու գողգոթան, ինչպէս որ կատարեց Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը, երբ Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ համապատարագեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն հետ:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը սկիզբը պիտի ըլլայ պահանջատիրութեան եւ պայքարը յարաճուն թափով շարունակելու յանձնառութեան, ապա`  եզրափակեց խօսքը կոչ ուղղելով երիտասարդներուն, որ երէցներուն հետ արժանի զաւակներ ըլլան հայ ազգին ու ծառայեն եկեղեցւոյ` անվերապահօրէն արժանանալով գնահատանքի ու Աստուծոյ օրհնութեան:

Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ  աղօթքով եւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ փակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան  ոգեկոչման հսկումի պաշտօնական ձեռնարկը:








All the contents on this site are copyrighted ©.